2014-09-15 13:41:15

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 15 սեպտեմբերի քարոզը` ''Որբ չենք ունինք երկու Մայրեր՝ Տիրամայրը եւ Եկեղեցին''։


''Ինչպէս առանց Տիրամօր Յիսուս չէր կրնար ծնիլ, նոյնպէս առանց Եկեղեցւոյ չենք կրնար յառաջ ընթանալ''։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապի, երկուշաբթի, 15 սեպտեմբերին, առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ պատարագի առթիւ արտասանած քարոզի կեդրոնական նիւթը։
Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանելով օրուայ Սուրբ գրային ընթերցումը մատնանշեց Սուրբ Պօղոսի Հրէաներուն ուղղած թուղթին, որուն մէջ կ՛ընդգծէ թէ ,՝՝Յիսուս՝ սորվեցաւ, հնազանդեցաւ եւ տառապեցաւ''։ Մինչ Ադամ, մեր նախահայրը, հակառակը գործեց, ան չուզեց սորվիլ, հնազանդիլ եւ տառապիլ։
Յիսուս՝ Աստուած ըլլալով հանդերձ խոնարհեցաւ եւ հնազանդեցաւ եւ ասիկա Յիսուսի Խաչին Փառքն է – յարեց Սրբազան Հայրը։ Այսօր Յիսուսի հնազանդութեամբ եւ խոնարհութեամբ՝ Տիրոջ Ադամին ըրած խոստումը յոյսի կը վերածուի եւ Աստուծոյ ժողովուրդը՝ իսկական յոյսով դէպի յառաջ կ՛ընթանայ, այն համոզումով, որ մենք որբ չենք, ունինք երկու Մայրեր՝ Տիրամայրը եւ Եկեղեցին, երբ այս վերջինը կ՛ընթանայ Յիսուսի ճանապարհով` հնազանդութեան, չարչարանքի եւ յարատեւ սորվելու ճանապարհով։

Այս երկու կիները` Մարիամն ու Եկեղեցին, յառաջ կը տանին յոյսը որ է Քրիստոս։ Մեզի կու տան Քրիստոսը։ ''Առանց Տիրամօր Յիսուս չէր կրնար ծնիլ եւ առանց Եկեղեցւոյ չենք կրնար յառաջ ընթանալ''։
Այսօր մեր հայեացքը ուղելով Խաչին մօտ կանգ առած այդ տիկնոջ, որ վճռակամ հետեւեցաւ իր Որդւոյն, չարչարանքի մէջ սորվելով հնազանդութիւնը, անոր մէջ կրնանք տեսնել նաեւ Եկեղեցին ու գտնել մեր Մայրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.